(на русском — https://miaban.ru/info/wa/declaration_2004/)
Աղբյուր — http://parliament-wa.info/hy/archives/607
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ
Շուշի, 17 դեկտեմբեր 2004թ.
Արեւմտեան Հայաստանի հայոց Ազգային Խորհուրդը տարագիր հայ ժողովուրդի միասնական կամքը արտայայտելով,
բոլոր հայերու ձգտումներուն իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման յանձնառու հայ ազգի ճակատագրին հանդէպ իր պատասխանատւութեան գիտակից,
մարդու իրաւունքներու հռչակագրի համընդհանուր սկզբունքերուն եւ առհասարակ միջազգային իրաւունքով ընդունուած չափանիշներուն հիմնուելով Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը կիրառելով՝
ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ
Արդարութեան վրայ հիմնուած ժողովրդավար ընկերութեան հաստատումը հետապնդող ազգի վերակենդանացման գործընթացի մեկնարկը.
1) «Թրքահայաստան» կոչուած Հայաստանը կը վերանուանուի Արեւմտեան Հայաստան (Հայրենիք): Արեւմտեան Հայաստանը (Հայրենիք) պիտի ունենայ իր դրօշը, զինանշանը եւ ազգային օրհներգը:
2) Արեւմտեան Հայաստանը (Հայրենիք) պիտի ըլլայ ինքնավար պետութիւն՝ ազգային գերագոյն իշխանութիւն, անկախութիւն, լիարժէք գերիշխանութիւն եւ իրաւունքներ վայելող: Ազգային բացառապէս` Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) Սահմանադրութեամբ ու Արդարադատութեամբ:
3) Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) երաշխաւորը իր ժողովուրդն է՝ այսօր տարագիր, որ իր իշխանութիւնը պիտի կիրառէ ուղղակիօրէն, ինչպէս նաեւ իր ներկայացուցիչներուն միջոցով՝ հիմնուելով Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն վրայ: Յանուն Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) արտայայտուելու իրաւունքը Ազգային Խորհուրդի բացառիկ իրաւունքն է:
4) Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) անդամ կը հանդիսանան բոլոր այն անդամները, որոնք կրնան հիմնաւորել իրենց տարագրեալ ըլլալը եւ իրենց ընտանեկան ծագումը՝ նոյնիսկ մի քանի սերունդ վաղեմութիւն ունեցող: Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) անդամները կը վայելեն Ազգային Խորհուրդի պաշտպանութիւնն ու օգնութիւնը: Ազգային Խորհուրդը իր բոլոր անդամներուն ազատութիւնը եւ անոնց միջեւ հաւասարութիւնը կ’երաշխաւորէ:
5) Մարդոց եւ իրերու անվտանգութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը ապահովելու նպատակով Արեւմտեան Հայաստանը (Հայրենիք) կը ստեղծէ իր ուրոյն պաշտպանական կառոյցը, հանրային ապահովութեան եւ պետական կառոյցները՝ Ազգային Խորհուրդին ընդդատեայ: Արեւմտեան Հայաստանը (Հայրենիք) իր անդամներուն իւրաքանչիւրի ազգային ծառայութեան խնդիրի կարգաւորումը կը տնօրինէ անկախաբար կերպով: Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) պաշտպանական ուժերը կրնան տեղակայուիլ/տեղաբաշխուիլ բացառապէս Ազգային Խորհուրդի որոշումով՝ Ազգային Խորհուրդի Նախագահի բարձր հրամանատարութեան ներքոյ:
6) Միջազգային իրաւունքի գետնի առումով Արեւմտեան Հայաստանը արտաքին անկախ քաղաքականութիւն կը վարէ: Ան ուղղակի յարաբերութիւններ կը հաստատէ միւս պետութիւններուն հետ եւ կը մասնակցի միջազգային կազմակերպութիւններու գործունէութիւններուն:
7) Արեւմտեան Հայաստանի ազգային հարստութիւնը՝ իր ժողովուրդը, հողը, ընդերքը, օդային տարածքը, ջուրերը եւ այլ բնական պաշարները, տնտեսական եւ մտաւոր ներուժն ու մշակութային կարողութիւնը Ազգին կը հանդիսանան: Անոնց վարումը, օգտագործումը, վայելումը եւ տիրանալը կը վերահսկուին Արեւմտեան Հայաստանի օրէնքներով:
8) Արեւմտեան Հայաստանը (Հայրենիք) կ’որոշէ իր տնտեսական համակարգի սկզբունքները եւ կը տնօրինէ համակարգի կարգաւորումը. անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ ստեղծել իր սեփական տարադրամը, ազգային դրամատունը, ելեւմտական փոխառութեան, հարկերու եւ այլազան ծառայութիւններու իր համակարգը՝ հիմնուած սեփականութեան տարբեր ձեւերու դրութեան վրայ:
9) Իր իսկ մէջ Ազգային Խորհուրդը կ’երաշխաւորէ խօսքի, մամուլի եւ խղճի ազատութիւնը, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու իրարմէ անջատ գոյութիւնը, արհեստակցական եւ մասնագիտական միութենական համակարգը, բազմակարծութիւնը եւ պետական պաշտօնեաներու ու պաշտպանական ուժերու ապաքաղաքական բնոյթը:
10) Ազգային Խորհուրդը կ’երաշխաւորէ կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ արեւմտահայերէնի կիրառումը՝ որպէս պետական լեզու: Ազգային Խորհուրդը կը ստեղծէ իր ուրոյն կրթական համակարգը եւ գիտական ու մշակութային զարգացման դրութիւնը.
11) Ազգային Խորհուրդը 1894-էն 1923 գրաւման ենթարկուած իր տարածքին վրայ (Արեւմտեան Հայաստան, Հայրենիք) թուրքերուն կողմէ կատարուած Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին հասնելու պարտականութեան զօրավիգ է:
12) Ազգային Խորհուրդը զօրավիգ է տարագրեալներու սերունդներու վերահաստատումին զուգահեռ պէտք է վճարուի վնասուց յատուցում` ստեղծելով Միջազգային Հիմնադրամ՝ մեծ մասամբ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ պատասխանատու ճանչցուած պետութիւններու արդեամբ:
13) Այս հռչակագիրը հիմք կը ծառայէ Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) Սահմանադրութեան մշակման, եւ, մինչեւ անոր ընդունումը, հիմք կը ծառայէ օրէնքներ ներմուծելու եւ գործող սահմանադրութեան յաւելումներ ընելու համար, ազգային իշխանութիւններու գործունէութեան համար եւ նոր օրէնսդրութեան մշակման համար:
Արեւմտեան Հայաստանի Հայոց Ազգային Խորհուրդ